երեքշաբթի, հունիս 10
10 / 6 / 2025
Անընդունելի է ՀՀ իշխանության՝ եկեղեցականների հանդեպ ստեղծած մթնոլորտը․ Արամ Ա-ն նիստ է գումարել

Անընդունելի է ՀՀ իշխանության՝ եկեղեցականների հանդեպ ստեղծած մթնոլորտը․ Արամ Ա-ն նիստ է գումարել

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի նախագահությամբ տեղի է ունեցել Կիլիկիա վերլուծական հարթակի առցանց նիստը.

«Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Ուրբաթ, 6 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 06:00-ին (Պէյրութի ժամ)։

Ժողովը նախ լսեց զեկուցում Պեռնի մէջ Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած համագումարին մասին։ Խօսուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար առնուած տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին․ յատկապէս ընդգծուեցաւ խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութիւնը, որ երկխօսութեան կոչ կ՚ուղղէ Արցախի ու Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն։ Այս շրջածիրին մէջ վերահաստատուեցաւ Արցախի պետական հաստատութիւններու գործունէութիւնը շարունակելու իրաւական նշանակութեան կարեւորութիւնը։

Ժողովի քննարկման յաջորդ օրակարգի կէտը կը վերաբերէր Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան տուած հովուապետական-պաշտօնական այցելութեան եւ այդ առիթով Յունաստանի վարչապետին ու պաշտպանութեան նախարարին հետ կայացած հանդիպումներուն, որոնք առիթ եղած են արծարծելու տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին։ Վարչապետը եւ նախարարը յատուկ շեշտով անդրադարձած են տարբեր ուղղութիւններով Թուրքիոյ ներկայացուցած վտանգներուն մասին։

Ժողովականները խոր մտահոգութիւն արձանագրեցին Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներու նկատմամբ պետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հրապարակած հարցերուն պատճառով ստեղծուած մթնոլորտին մասին։ Անընդունելի նկատուեցաւ հարցերու այս ձեւով բարձրացումն ու արծարծումը, որոնք չեն առաջնորդեր լուծումներու, այլ կը ստեղծեն ներհասարակական լարուածութիւն։

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակը նաեւ արձանագրեց, որ հրատարակուած է Հարթակի նախաձեռնութեամբ նախորդ տարի կազմակերպուած գիտաժողովի հաւաքածոն, որ կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած Արցախի ցեղասպանութեան։ Մասնագիտական նիւթերը ուղեցոյց են Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր իրաւաքաղաքական աշխատանքներուն համար»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ։

  • Կիսվել: