Արամ Ա Վեհափառը Վատիկանում է․ ինչ է սպասվում
«Նորին Սրբուիւն Արամ Ա. նաեւ պիտի այցելէ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Վերատսեչութիւնը եւ Հռոմէական Քուրիայի այլ գրասենեակներ։ Իսկ Մայիս 19-ին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրներուն մասին» նշուած է միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Թէեւ այս այցը կը հանդիսանայ Արամ Ա. Վեհափառի առաջին պաշտօնական այցը Լեւոն Պապին հարկ է նշել որ անոնք առիթը ունեցան իրար հանդիպելու Լեւոն ԺԴ.-ի Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։ Բացի վերոնշեալ հանդիպումներէն Վեհափառ Հայրապետը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները հիւրը պիտի հանդիսանան նաեւ Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանին, ի ներարկութեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ ե Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին։
Այս առիթով նշենք նաեւ` որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տարբեր առիթներով այցելած է Վատիկանը ու հանդիպումներ ունեցած է տարբեր Քահանայապետերու հետ, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի հետ, 1997-ին, ստորագրելով համատեղ յայտարարութիւն մը, ապա 2000 թուականի Յոբելենական տարուան առիթով։ Ան այցելած ու հանդիպած է նաեւ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հետ 2008-ին նոյեմբերին, ապա Հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին հետ, տարբեր առիթներով` 2014-ին, 2015-ին, 2018-ին, 2021-ին եւ 2024-ին։


