հինգշաբթի, ապրիլ 25
25 / 4 / 2024
Հայ ու հույն ազգերի դատերը միասնական ճիգով է պետք հետապնդել․ հանդիպում՝ ուղղափառ եկեղեցում

Հայ ու հույն ազգերի դատերը միասնական ճիգով է պետք հետապնդել․ հանդիպում՝ ուղղափառ եկեղեցում

Արամ Ա կաթողիկոկսն հանդիպել է Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցու հոգևոր պետի հետ։

«Նիկոսիոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորճիոս Գ. Արքեպիսկոպոս Փափաքրիսոսթոմուին միջեւ:

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու երկու եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութեան: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւման յառաջացուցած ահաւոր դժուարութիւններուն, յատկապէս կրօնական մարզէն ներս, եւ շեշտուեցաւ հայ ու յոյն ազգերու դատերը միասնական ճիգով հետապնդելու հրամայականը:

Ապա տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Հայրապետը Արքեպիսկոպոսին յանձնեց Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առիթով պատրաստուած կաթսայէն օրինակ մը, իսկ Արքեպիսկոպոսը՝ Կիպրոսի խորհրդանիշը ներկայացնող ափսէ մը, որմէ ետք Նորին Ս. Օծութիւնը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղան Արքեպիսկոպոսին»։

  • Կիսվել: