ուրբաթ, մայիս 17
17 / 5 / 2024
Հերիք է այլեւս անցեալո՛վ միայն հպարտանանք. Արամ Ա

Հերիք է այլեւս անցեալո՛վ միայն հպարտանանք. Արամ Ա

Հերիք է այլեւս անցեալո՛վ միայն հպարտանանք. հերիք է այլեւս անցեալէն մեր ժառանգած արժէքները ու սէմպոլները դրամագլուխի վերածած ներկայանանք մեր շրջապատին: Այս մասին իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն: 
 
՛՛Աշխարհը արագընթաց յառաջդիմութեան մէջ է: Համաշխարհայնացումի այս դարաշրջանին մարդիկ չեն նայիր միայն անցեալին, այլ նաեւ ներկային ու ապագային. ինչ ենք այսօ՛ր, ինչ կը ծրագրենք ըլլալ վաղը: Այս է կենսականը ու հրամայականը:
 
Հետեւաբար, այլեւս դուրս գանք մեր նեղ պարունակէն ու անցեալին պահակը ըլլալու կրաւորական վիճակէն եւ պատռենք րոմանթիզմի խաբուսիկ շպարը. այլեւս տեսական սկզբունքերով ու անիրատես մօտեցումներով մեր ժամանակը չվատնենք:
 
Մենք պէտք ունինք նո՛ր շունչի ու նո՛ր տեսիլքի ներկայ աշխարհին մէջ մեր ներկայութիւնը վերահաստատելու եւ մեր ապագան ապահովելու համար:
 
(«ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ», Անթիլիաս, 2003)՛՛,-նշել է նա՞

  • Կիսվել: