չորեքշաբթի, մայիս 8
8 / 5 / 2024
Այսօր եւս, Արցախը, եւ Արցախին հետ մեր ողջ ժողովուրդը, միահամուռ կերպով կ՛ըսէ «ո՛չ». Արամ Ա

Այսօր եւս, Արցախը, եւ Արցախին հետ մեր ողջ ժողովուրդը, միահամուռ կերպով կ՛ըսէ «ո՛չ». Արամ Ա

Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը` Արցախի Հանրապետության 32-րդ ամյակի առթիվ․

Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է: Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձը: 

Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին: Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռականութիւնն ու յոյսը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ շրջափակումի ենթարկել: 

Անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը: 32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութիւնը հռչակած է եւ բազմիցս վերահաստատած: 

Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախ, մնացի՛ր ամուր` քու ինքնորոշման արդար իրաւունքը հարցականի տակ առնող ներկայ պայմաններուն մէջ: Մնացի՛ր կառչած քու հաւաքական կեցուածքին: Դուն առանձին չես, ողջ հայութիւնը քեզի հետ է: 
Եղի՛ր միակամ բռունցքի նման, հեռու մնալով կամքդ ջլատող ներքին հակադրութիւններէ: 
Եղի՛ր զօրեղ ժայռի նման, մերժելով քեզ համակերպութեան մղող մօտեցումները: 

Թող պահանջատիրութեան ձայնդ հնչէ աշխարհի լռութեան ու անտարբերութեան դիմաց: 
Թող քու մարտունակ ոգիդ միշտ մնայ ուժեղ ու հատու: 
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ Արցախին ձայնը կարելի չէ լռեցնել, սոսկ հաց ու դեղ տալով: 
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ Արցախի ապաշրջափակումը չի կրնար ըլլալ ի հեճուկս անոր ինքնորոշման արդար իրաւունքին: 
Թող իմանան բոլորը, մօտաւոր թէ հեռաւոր, թէ մարդասիրական տագնապ ստեղծելով չեն կրնար Արցախը ծունկի բերել: 

Նայեցէ՛ք մեր դարաւոր պատմութեան: Մեր ժողովուրդը իր պատմութիւնը կերտեց, իր գոյութիւնը ամրագրեց եւ իր ինքնութիւնը պահեց նաեւ «ո՛չ» ըսելով` մեր հաւատքը խաթարող, մեր ինքնութիւնը այլափոխող ու մեր անկախութիւնը յափշտակել փորձող ուժերուն դէմ: Մեր հաւաքական «ոչ»-ով մենք մնացինք տոկուն պատմութեան արհաւիրքներուն մէջ: 

Այսօր եւս, Արցախը, եւ Արցախին հետ մեր ողջ ժողովուրդը, միահամուռ կերպով կ՛ըսէ «ո՛չ»: 

Ո՛չ` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը մոռացութեան դատապարտելու ձգտող ճիգերուն: 
Ո՛չ` Արցախը իր հայութենէն պարպելու սադրանքներուն: 
Ո՛չ` Արցախի կրօնական, մշակութային ու ազգային ինքնութիւնը այլափոխող ապօրէն ծրագիրներուն: 
Ո՛չ` Արցախը Ազրպէյճանի հողային տարածքին մէջ ներմուծելու դաւերուն: 
Ո՛չ` տարբեր քողի տակ Արցախի հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն կազմակերպելու դիւային փորձերուն: 

Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք 5-րդ դարուն ըսին` այս հաւատքէն մեզ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ խախտել: Քրիստոնէական հաւատքը շաղախուած էր անկախութեան ոգիով եւ զսպանակուած` ազգային արժէքներով ու իտէալներով: 
Արցախի պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հաւատքով վերանորոգուած ու կամքով կռանուած, մեր ողջ ժողովուրդը Արցախի հետ միասին կ՛ըսէ աշխարհին դիմաց` Արցախին ազատօրէն ապրելու, գոյատեւելու ու ստեղծագործելու աստուածատուր իրաւունքը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ խլել: 

Ահա՛ մեր համազգային ուխտը` այսօ՛ր ու մի՛շտ: 
Փառք ու պատիւ իրենց արիւնով Արցախի անկախութիւնը կերտած նահատակներուն եւ իր նահատակներու սրբազան ուխտին հաւատարիմ Արցախի ժողովուրդին: 

  • Կիսվել: